image

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարը Իսրայէլ պիտի այցելէ

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարը  Իսրայէլ պիտի այցելէ

Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթըն ուրբաթ՝ 13 հոկտեմբերին, պիտի այցելէ Իսրայէլ։ Այցի շրջածիրէն ներս ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարը պիտի հանդիպի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ։

Ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, այս մասին յայտնած են ԱՄՆ ռազմական գերատեսչութենէն։

«Նախարար Օսթըն կը նախատեսէ վաղն այցելել Իսրայէլ: Կը սպասուի, որ ան հանդիպի վարչապետ Նաթանիահուի եւ Իսրայէլի ՊՆ ղեկավարի հետ»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնեան: