image

ԱՄՆ-ն վեթօ կիրառած է Պաղեստինի՝ ՄԱԿ-ին անդամակցելու բանաձեւի նախագիծին վրայ

ԱՄՆ-ն վեթօ կիրառած է Պաղեստինի՝ ՄԱԿ-ին անդամակցելու բանաձեւի նախագիծին վրայ

Հինգշաբթի երեկոյեան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը քուէարկութեան դրած է Ալժիրի կողմէ պատրաստուած բանաձեւի նախագիծը, որ կ՚ենթադրէ Պաղեստինին լիիրաւ անդամակցութիւն ՄԱԿ-ին։

Քուէարկութեան ժամանակ ԱՄՆ-ն վեթօ դրած է նախագիծի վրայ։ Կողմ քուէարկած է 12 երկիր։ Մեծ Բրիտանիան եւ Զուիցերիան ձեռնպահ մնացած են, յայտնած է news.un.org կայքը։

«Մենք վաղուց կոչ կ՚ընենք Պաղեստինի իշխանութիւններուն ձեռնարկելու անհրաժեշտ բարեփոխումներ՝ օգնելու համար հաստատել պետականութեան պատրաստակամութեան նշաններ, եւ նշած ենք, որ ահաբեկչական «Համաս» կազմակերպութիւնը ներկայիս կը վերահսկէ Կազայի հատուածը, որ բանաձեւի մէջ նշուած պետութեան անբաժանելի մասն է», -ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Ռոպերթ Ուուտը

Ան բացատրած է, որ այս պատճառներով է, որ Միացեալ Նահանգները վեթօ կիրառած է Պաղեստինի անդամակցութեան նախագիծի վերաբերեալ: