image

ԱՄՆ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ Երեւանին եւ Պաքուին վիճելի հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար

ԱՄՆ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ Երեւանին եւ Պաքուին վիճելի հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ողջունած է 17 հայ ռազմագերիներու վերադարձը Ատրպէյճանէն Հայաստան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Պլինքըն ողջունած է հայ զինուորականներու փոխանցումը Հայաստանին եւ վերահաստատած Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին լուծել խնդիրները խաղաղ ճանապարհով, ընդգծուած է, որ դիւանագիտութիւնը միակ ճանապարհն է»- յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը:

Միաժամանակ, Պլինքըն թուիթըրեան իր էջին գրառում կատարած է` անդրադառնալով ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ երէկ կայացած հեռախօսազրոյցին։ Պլինքըն նշած է, որ նախարարներու հետ զրուցած է կայուն խաղաղ համաձայնութեան հասնելու քայլերու մասին։ Անոր խօսքով` ԱՄՆ–ն կը գնահատէ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ձեռնարկեն այդ կարեւոր քայլը։