Դեկտեմբեր 5-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը հանդիպած է ԱՄՆ պաշտպանութեան քարտուղար Լլոյտ Օսթինին: Փենթակոնի մէջ տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն, հնչած են ՀՀ եւ ԱՄՆ պետական օրհներգերը։
Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ԱՄՆ պաշտպանութեան քարտուղար Լլոյտ Օսթինին ջերմ հիւրընկալութեան համար, մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումներու վերաբերեալ եւ նշած համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները, որոնք ուղղուած են ինչպէս ՀՀ զինուած ուժերու կերպափոխման իրագործման, այնպէս ալ ԱՄՆ զինուած ուժերու հետ փոխգործակցելիութեան մակարդակի բարձրացման՝ ռազմական կրթութիւն, մարտական պատրաստութիւն, միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջանածիրէն ներս վարժանքներ, արհեստավարժ սերժանտական եւ հրահանգչական հիմնարկներու զարգացում, ՀՀ զինուած ուժերու ուսումնավարժական կարողութիւններու ստեղծում եւ այլն:
Ողջունելով ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը՝ ԱՄՆ պաշտպանութեան քարտուղար Լլոյտ Օսթինը նշած է, որ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի այցը պատմական է։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր: Լլոյտ Օսթինը նշած է, որ ԱՄՆ-ն կ՚աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, ինքնիշխանութեանն ու բարեկեցութեան՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակէ ընդլայնիլ:
Քարտուղար Օսթինը յայտնած է ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը՝ ՀՀ ԶՈՒ բարեփոխումներուն աջակցութիւնը շարունակելու հարցով։ Քննարկուած են նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր: Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը հաստատած է տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի ձգտումը։ ԱՄՆ պաշտպանութեան քարտուղար Լլոյտ Օսթինն իր հերթին յայտնած է ԱՄՆ աջակցութիւնն այդ նպատակին: