image

Հայազգի Սուրէն Ալոյեանի անունը կը փայլի. Վերջինս անդամ դարձած է «Երիտասարդ առաջնորդ»ներու ընտանիքին

Հայազգի Սուրէն Ալոյեանի անունը կը փայլի. Վերջինս անդամ դարձած է  «Երիտասարդ առաջնորդ»ներու ընտանիքին

Ստեղծարար ձեռներէց Սուրէն Ալոյեան, որ կրթութեան փորձագէտ է եւ կը հանդիսանայ «Դասարան» կրթական ծրագրի ու «Կորիզ» կրթական շարժման հիմնադիրը, դարձաւ առաջին հայաստանցին, որ Համաշխարհային Տնտեսական ֆորումի կողմէ հռչակուեցաւ որպէս «Երիտասարդ Համաշխարհային առաջնորդ» (Young Global Leader, YGL)։

Այս բացառիկ ճանաչումը ո՛չ միայն անձնական յաջողութիւն էր, այլեւ կարեւոր հնարաւորութիւն՝ Հայաստանը ներկայացնելու աշխարհի ամենահեղինակաւոր հարթակներէն մէկուն վրայ։ 

YGL համայնքը կը համախմբէ 120 երկիրներու աւելի քան 1400 առաջնորդներ՝ ձեռներէցներ, արհեստագիտութեան նորարարներ, մանկավարժներ, արուեստագէտներ, քաղաքական գործիչներ ու մշակութային գործիչներ։ 

Արդէն չորս տարի է, ինչ Սուրէն Ալոյեան մաս կը կազմէ այս եզակի համայնքին, ուր կը ձեւաւորուին համաշխարհային օրակարգերը եւ կը քննարկուին համաշխարհային խնդիրներու լուծումները։ 

Այս օրերուն Ալոյեան Ժընեւ կը գտնուի, մասնակցելու համար YGL-ի տարեկան գագաթաժողովին։ «Իմ ամենամեծ նպատակն է Հայաստանը ներկայացնել որպէս կրթութիւն արտածող պետութիւն մը։ Կրթութիւնը մեր ամենամեծ հարստութիւնն է, եւ ես կը հաւատամ որ կրթութիւնը կրնայ դառնալ Հայաստանի այցեքարտը», կ'ըսէ Սուրէն Ալոյեան։

Սուրէն Ալոյեանի օրինակով Հայաստանը ո՛չ միայն հնչէ ո՛չհ միայն միջազգային բարձր հարթակներու վրայ, այլ նաեւ կը ստանայ ճանաչում՝ որպէս երկիր, որ կրնայ աշխարհին տալ նորարարական կրթական լուծումներ։