Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Իսրայէլին տեղեկացուցած են, որ անհրաժեշտ է մինչեւ տարեվերջ աւարտել ռազմական գործողութիւնը Կազայի հատուածին մէջ, գրած է The Economist-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։
Հրատարակութեան զրուցակիցներու խօսքով՝ ամերիկեան իշխանութիւններու դիրքորոշումը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը՝ վերջերս Իսրայէլ կատարած այցի ժամանակ։ Սակայն երկու երկրի իշխանութիւնները հրապարակայնօրէն հերքած են, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը ժամկէտներ սահմանած է իսրայէլացիներու համար:
Այնուամենայնիւ, The Economist-ը կ՚ենթադրէ, որ Իսրայէլը ընդամէնը մի քանի շաբաթ ունի Կազայի հատուածին մէջ ռազմական յաջողութիւններու հասնելու համար: Եթէ այդ տեղի չունենայ, ապա, ամենայն հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգները պիտի կրճատէ Իսրայէլին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը, իսկ այդ միայն կը բարդացնէ երկրի վիճակը։
The Economist-ը կը կարծէ, որ մինչեւ նոր տարի Իսրայէլի յաղթանակի հաւանականութիւնը շատ ցած է։ Լրագրողները կ՚ենթադրեն, որ Իսրայէլը կը շարունակէ իր ռազմական արշաւը։ Ըստ ամսագրի՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը շարունակեն ռազմական արշաւը, թէկուզ աւելի նուազ ուժգնութեամբ՝ յենելով ցամաքային ուժերու վրայ։ Նման սենարի պարագային, գրած է The Economist-ը, պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը կը շարունակէ վերահսկել Կազայի մէկ մասը։
Բացի այդ, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը պահանջեն Իսրայէլէն աւելի շատ ջանքեր գործադրել՝ «թեթդեւցնելու պաղեստինցի խաղաղ բնակիչներու տառապանքը», յատկապէս Կազայի հատուածի հարաւային շրջանին մէջ, աւելցուցած է հրատարակութիւնը։
Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ պատերազմը սկսած է հոկտեմբեր 7-ին։ Իսրայէլի իշխանութիւնները զոհերու թիւը գնահատած են 1,4 հազար, պաղեստինեան իշխանութիւնները յայտնած են աւելի քան 17 հազար զոհերու մասին։ Նոյեմբերի վերջը կողմերը պայմանաւորուած են քանի մը օրով զինադադարի մասին, սակայն դեկտեմբեր 1-ին իսրայէլեան բանակը վերսկսած է գործողութիւնները Կազայի մէջ։