image

ԱՄՆ մտհահոգ է Ատրպէյճանի ուժերու տեղաշարժով

ԱՄՆ մտհահոգ է Ատրպէյճանի ուժերու տեղաշարժով

Միացեալ Նահանգները լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ անպատասխանատու եւ սադրիչ կը համարէ այդ եւ այլ մագլցողական միջոցառումները: Այս մասին յայտնած է Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան փոխղեկավար Ճալինա Փորթերը:

«Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Ատրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժով: Զօրքերու տեղաշարժն ու այլ մագլցողական միջոցառումները անպատասխանատու են եւ անհարկի սադրանքի տեղիք կու տան», ընդգծած է ան: