image

ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները պիտի կրկնուին

ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները պիտի կրկնուին

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ «մօտ ժամանակներս», իսկ դիւանագիտական ջանքերը դրական արդիւնքներ կու տան։ Այս մասին յայտարարած է Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաւաճա Ասիֆը։

«Միայն դրական առաջընթաց կը նկատուի»,– անոր խօսքը մէջբերած է The Express Tribune թերթը։ Ասիֆի համաձայն՝ շարունակուող դիւանագիտական ջանքերը կը շարժին «կառուցողական ուղղութեամբ»։

Իր հերթին, The Associated Press գործակալութիւնը, վկայակոչելով աղբիւրները, յայտնած է, որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը կը քննարկեն Իսլամապատի մէջ կրկին հանդիպում կազմակերպելու կարելիութիւնը․ ուղիղ բանակցութիւններու նոր փուլը կրնայ տեղի ունենալ Ապրիլ 16-ին։ Միեւնոյն ժամանակ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի պաշտօնատար անձինք Ժընեւը նշած են որպէս բանակցութիւններու նոր փուլի կայացման հաւանակն վայր։

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ Թուրքիոյ կամ Եգիպտոսի մէջ

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ Թուրքիոյ կամ Եգիպտոսի մէջ: Այս մասին հաղորդած է Bloomberg-ը։

Գործակալութիւնը նշած է, որ թուրք եւ եգիպտացի պաշտօնեաները միջնորդներ եղած են հակամարտութեան կարգաւորման հարցով, ուստի այս երկիրներէն մէկուն մէջ հանդիպում կայացնելու հաւանականութիւնը կը մեծցնէ։

Գործակալութեան զրուցակիցները յայտնած են, որ բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ յաջորդ շաբաթ։

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 11-ին Իրանն ու Միացեալ Նահանգները Իսլամապատի մէջ կատարած են բանակցութիւններու քանի մը փուլ։