image

ԱՄՆ-ի մէջ. Մահացած է Հալէպի ազգային կեանքի գործունեայ անդամներէն Անայիս Նալպանտեան

 ԱՄՆ-ի մէջ. Մահացած է Հալէպի  ազգային կեանքի  գործունեայ անդամներէն Անայիս  Նալպանտեան

 Այս  տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք   հանգուցեալի ընտանեկան  պարագաներուն եւ  հարազատներուն եւ ի մասնաւորի  հանգուցեալի որդւոյն,    մտաւորական գործիչ՝   Տիար  Յովսէփ Նալպանտեանին։

Միացեալ Նահանգներու մէջ  օրերս իր մահկանացուն կնքած է    Հալէպահայ  ազգային կեանքի երբեմնի    յարգուած դէմքերէն՝  Անայիս Նալպանտեան-Պարսումեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  հանգուցեալի  հարազատներէն։

 

 Ստորեւ  կարճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք հանգուցեալի կենսագրական տուեալները։

 

Անայիս  Նալպանտեան (Ծնեալ Պարսումեան) ծնած է Հալէպ 1929-ին: Դուստրն է Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Մարի Պարսումեաններու: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Զաւարեան վարժարանի մէջ: Ապա «Միսիոն Լայիքի» եւ «Անարատ Յղութեան քոյրերու» վարժարաններուն մէջ, ուրկէ ստացած է իր երկրորդական վկայականը:

Անայիս Պարսումեան ամուսնացած է Ներսէս Նալպանտ-եանի հետ եւ բախտաւորուած են երեք զաւակով՝ Կարօ, Յովսէփ եւ Նորա: Նաեւ չորս թոռներ՝ Ռաֆֆի, Անի, Արեգ, Արփա:

Հանգուցեալը  ունեցած է 45 տարուն, ազգային-հասարակական օգտաշատ, բեղուն գործունէութիւն: Երկա՜ր տարիներ ծառայած է Հ.Մ.Մ.-ի Արենոյշներու շարժումին, եղած է Օրիորդաց Յանձնա-խումբի Ատենապետուհի: Տարբեր կանանց միութիւններու ատե-նապետուհի, փոխ ատենապետուհի, քարտուղար: Մասնակցած է «Հայաստանի Օգնութեան Սուրիոյ կանանց վարչութեան» գործու-նէութեան:

15-16 տարեկանէն սկսեալ օգտակար եղած է հայ որբերուն, հայ դպրոցին եւ հայ ակումբի պահպանման եւ զարգացման մեծ գործին:

1992-ին ԱՄՆ հաստատուելէ ետք շարունակած է իր ազգա-նըւէր գործունէութիւնը:

Արժանացած է բազմաթիւ «Պատուոյ գիր»երու՝ Հ.Մ.Մ.-ի 1991, 1996, 2001, 2006: Կիլիկեան ճեմարանի՝ 2001, 2006, 2011:

Անայիս Պարսումեան մահացաւ Յունիս 28-ի առաւօտեան:

Յարգա՜նք աննկուն գործիչին անթառամ յիշատակին:

 

 

 Այս  տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք   հանգուցեալի ընտանեկան  պարագաներուն եւ  հարազատներուն եւ ի մասնաւորի  ամերիկահայ բեղուն   գործիչ՝  Տիար  Յովսէփ Նալպանտեանին։