Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ ի մասնաւորի հանգուցեալի որդւոյն, մտաւորական գործիչ՝ Տիար Յովսէփ Նալպանտեանին։Միացեալ Նահանգներու մէջ օրերս իր մահկանացուն կնքած է Հալէպահայ ազգային կեանքի երբեմնի յարգուած դէմքերէն՝ Անայիս Նալպանտեան-Պարսումեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Ստորեւ կարճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք հանգուցեալի կենսագրական տուեալները։
Անայիս Նալպանտեան (Ծնեալ Պարսումեան) ծնած է Հալէպ 1929-ին: Դուստրն է Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Մարի Պարսումեաններու: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Զաւարեան վարժարանի մէջ: Ապա «Միսիոն Լայիքի» եւ «Անարատ Յղութեան քոյրերու» վարժարաններուն մէջ, ուրկէ ստացած է իր երկրորդական վկայականը:
Անայիս Պարսումեան ամուսնացած է Ներսէս Նալպանտ-եանի հետ եւ բախտաւորուած են երեք զաւակով՝ Կարօ, Յովսէփ եւ Նորա: Նաեւ չորս թոռներ՝ Ռաֆֆի, Անի, Արեգ, Արփա:
Հանգուցեալը ունեցած է 45 տարուն, ազգային-հասարակական օգտաշատ, բեղուն գործունէութիւն: Երկա՜ր տարիներ ծառայած է Հ.Մ.Մ.-ի Արենոյշներու շարժումին, եղած է Օրիորդաց Յանձնա-խումբի Ատենապետուհի: Տարբեր կանանց միութիւններու ատե-նապետուհի, փոխ ատենապետուհի, քարտուղար: Մասնակցած է «Հայաստանի Օգնութեան Սուրիոյ կանանց վարչութեան» գործու-նէութեան:
15-16 տարեկանէն սկսեալ օգտակար եղած է հայ որբերուն, հայ դպրոցին եւ հայ ակումբի պահպանման եւ զարգացման մեծ գործին:
1992-ին ԱՄՆ հաստատուելէ ետք շարունակած է իր ազգա-նըւէր գործունէութիւնը:
Արժանացած է բազմաթիւ «Պատուոյ գիր»երու՝ Հ.Մ.Մ.-ի 1991, 1996, 2001, 2006: Կիլիկեան ճեմարանի՝ 2001, 2006, 2011:
Անայիս Պարսումեան մահացաւ Յունիս 28-ի առաւօտեան:
Յարգա՜նք աննկուն գործիչին անթառամ յիշատակին:
Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ ի մասնաւորի ամերիկահայ բեղուն գործիչ՝ Տիար Յովսէփ Նալպանտեանին։