image

Վենս. «Կամ կը համաձայնին, կամ կը ստանան, ինչ որ երէկ ստացան»

Վենս. «Կամ կը համաձայնին, կամ  կը ստանան, ինչ որ երէկ ստացան»

«Մենք Իրանի հետ գործարք կնքած ենք»,– յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։

 

«Համաձայնութիւնը շատ պարզ է։ Եթէ անոնք կրակ բանան նաւերու վրայ, մենք անոնց ջախջախիչ հարուած պիտի հասցնենք, եւ վերջ։ Ասիկա այն հիմնական սկզբունքն է, որով ամէն ինչ պիտի գործէ։

Եթէ Իրանը փորձէ փակել Հորմուզի նեղուցը, ամերիկեան զինուորականները պիտի պատասխանեն։ Ասիկա յստակ է. ահա՛ այս է համաձայնագիրը։

Անոնք կրնան կամ հետեւիլ ատոր, կամ ալ ստանալ այն, ինչ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան։

Այս վիճակը պիտի շարունակուի մինչեւ անոնք բանան այդ միջանցքը եւ դադրեցնեն նաւերու վրայ կրակ բանալը»,– նշած է ան։