image

Կիեւեան կամուրջը պիտի վերաբացուի նախատեսուածէն շուտ՝ 15 Օգոստոսին

Կիեւեան կամուրջը պիտի վերաբացուի նախատեսուածէն շուտ՝ 15  Օգոստոսին

Քիեւեան կամուրջի վերգետնեայ հիմնանորոգումը պիտի աւարտի նախատեսուած ժամկէտէն քանի մը օր շուտ: Նախատեսուած օգոստոս 29-ի փոխարէն պիտի բացուի՝ 15-ին: Այս մասին կը տեղեկացնեն քաղաքապետարանէն:

Հրազդանի մեծ կամ առաւել յայտնի Քիեւեան կամուրջի հիմնանորոգումը կը շարունակուի։  Ծրագրի շրջածիրէն ներս կ՚իրականացուին կամուրջի երթեւեկելի մասի եւ հետիոտնային հատուածներու վերականգնման, ձեւափոխուած կարերու ու ջրահեռացման համակարգի նորացման, ինչպէս նաեւ ջրամեկուսացման աշխատանքներ։

Բացի այդ, պիտի թարմացուին կամուրջի բազրիքները, պիտի վերականգնուին նաեւ թռիչքային կառուցուածքներն ու յենարանները։ Արտաքին լուսաւորութեան հաղորդալարերն ամբողջութեամբ պիտի անցուին ստորգետնեայ ճանապարհով։

Աշխատանքներու արդիւնաւէտ ընթացքի շնորհիւ կամուրջի վերգետնեայ հիմնանորոգումը պիտի աւարտի նախատեսուած ժամկէն քանի մը օր շուտ։ Կամուրջը երթեւեկութեան համար պիտի բացուի օգոստոս 15-ին՝ նախատեսուած օգոստոս 29-ի փոխարէն, իսկ վերջնական հիմնանորոգումը պիտի աւարտի մինչեւ տարեվերջ։