image

ԱՄՆ Գործիչը խուսափած է անդրադառնալ Երեւան-Մոսկուա առկայ լարումին

ԱՄՆ Գործիչը խուսափած է անդրադառնալ Երեւան-Մոսկուա առկայ լարումին

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը ճեպազրոյցի ժամանակ զերծ մնացած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վերաբերեալ մեկնաբանութիւններէն:

«Ես կ'ուզէի հարցը վերահասցէագրել Հայաստանի կառավարութեան, որ անոնք շարադրեն իրենց դիրքորոշումը այդ հարցի վերաբերեալ։ Հայաստանը հրաժարած է ընդունիլ Ռուսիոյ ղեկավարութեամբ կայացող զօրավարժութիւնները: Աւելի վաղ մենք նաեւ լսած ենք, որ Հայաստանի պաշտօնեաները կը խօսին այն մասին, որ Ռուսիա կը փորձէ անոնց ներգրաւել պելառուսա-ռուսական դաշինքի մէջ։ Դուք կը կարծէք, որ Ռուսիան այդ կը փորձէ ընե՞լ Հարաւային Կովկասի մէջ»,-ըսած է Փրայս։