image

Ամերիկայի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեղաւոր ճանչցուեցաւ

Ամերիկայի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեղաւոր ճանչցուեցաւ

Երդուեալ ատենակալները մեղադրական դատավճիռ կայացուցած են Թրամփի գործով՝ ֆինանսական հաշուետւութիւններու կեղծման մեղադրանքի 34 դրուագներով։ Դատաւորը դատավճիռը պիտի հրապարակէ յուլիս 11-ին, սակայն, ըստ Washington Post-ի փորձագէտներու, այն դժուար թէ բանտարկութիւն ըլլայ։

Ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ընտրուի պայմանական պատիժ, որ կը նշանակէ, որ Թրամփ երկրի սահմաններէն դուրս ճամբորդելու համար իշխանութիւններէն թոյլտւութեան կարիք պիտի ունենայ։

Թրամփը կրնան նաեւ տուգանել, բայց ան դեռ իրաւունք ունի մասնակցելու նոյեմբերի ընտրութիւններուն եւ յաղթելու պարագային ըլլալ նախագահ։

Կը սպասուի, որ պաշտպանական կողմը կը բողոքարկէ վճիռը՝ կայացուելէ ետք:

Թրամփ դատարանին մէջ պնդած է իր անմեղութիւնը, գրած է svoboda.org-ը:

Սա Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, երբ նախկին նախագահը մեղաւոր կը ճանչցուի քրէական յանցագործութեան համար:

Նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը փաստաթուղթերու կեղծման գործով երդուեալ ատենակալներու մեղադրական դատավճիռէն ետք ինքզինք «քաղբանտարկեալ» յայտարարած է։

«Ես մեղաւոր ճանչցուեցայ կեղծուած դատավարութեան հետեւանքով, ես քաղբանտարկեալ եմ», - ըսած է Թրամփ՝ նախընտրական կայքի գլխաւոր էջին։

Ան նաեւ «խայտառակութիւն» անուանած է երդուեալ ատենակալներու մեղաւորութեան որոշումը եւ ըսած, որ անմեղ է եւ «պիտի պայքարի մինչեւ վերջ»: