Արմատներով Լիբանանահայ, երկար տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած յայտնի ձեռներէց Մայք Սարեան գործարարական նոր կարեւոր փուլի մը սեմին է։
«Արեւելք»ի տուեալներով Սարեանի սեփականութիւնը հանդիսացող առողջապահական ընկերութիւնը շուտով պիտի ստանձնէ Լոս Անճելըսի «Ռանտոլֆ» հանրածանօթ հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը։
Այս մասին ալ օրերս նիւթ մը հրապարակած է Triad-Business-Journal-ը, որմէ կը կարդանք, թէ Մայք Սարեանի սեփականութիւնը հանդիսացող American Healthcare Systems ընկերութիւնը, ձեռք բերած է Միացեալ Նահանգներու հարաւ Քարօլայնայի Աշեպորօ քաղաքի Randolph հիւանդանոցը:
Կը նշուի նաեւ, որ շուրջ մէկ դար ծառայութիւն ունեցող այս հիւանդանոցը, որ ունի աւելի քան 1100 աշխատակից, նիւթական դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք, յայտարարած էր իր սնանկութիւնը եւ սկսած էր փնտռել յարմար գնորդ:
Եւ այսպէս 10,2 միլիոն տոլարի գործարք-համաձայնութեամբ մը հիւանդանոցին տիրացած է American Healthcare Systems (AHS) ընկերութիւնը:
Ընկերութեան տնօրէն՝ Մայք Սարեան, 30 տարուայ մասնագիտական փորձառութիւն ունի առողջպահական ոլորտին մէջ: 2012-2020 թուականներուն, ան տնօրէնն էր Prime Healthcare ընկերութեան, որ Սարեանի օրով զարգանալով կը ղեկավարէր մինչեւ 46 հիւանդանոցներ:
Randolph հիւանդանոցը Սարեանի հիմնադրած ընկերութեան առաջին գործարքն է, եւ ան մեծ յոյսեր կապած է անոր հետ: «Նախապէս այնքան ալ լաւ ձեւով չկառավարուած այս գեղեցիկ հիւանդանոցին մէջ, շատեր դժուարութիւն տեսան, իսկ ես հնարաւորութիւն», ըսած է Սարեան:
Սարեան կը կարծէ, որ հիւանդանոցը արագօրէն կրնայ ոտքի կենալ: Ան կ'ակնկալէ, որ 90 օրուայ մէջ արդէն հիւանդանոցը կը սկսի որոշակի շահ ապահովել եւ մինչեւ մէկ տարի անոր շահը կրնայ հասնիլ 1 միլիոն տոլարի: Ան ծրագրած է ներդրումներ ընել ներկայ կառոյցին մէջ, աւելցնել հիւանդանոցային ծառայութիւններու քանակը եւ արդիականցնել սարքաւորումները:
«Անմիջապէս որ բոլոր փաստաթուղթերն ու արտօնութիւնները պատրաստ ըլլան, մենք պիտի սկսինք մեր գործին», ըսած է ան։ Ըստ Սարեանին՝ փոփոխութիւնները արդէն մօտ օրէն նկատելի պիտի ըլլան, որովհետեւ «Հիւանդանոցը կը կարօտէր ճիշդ ուղղութեան եւ ղեկավարման», նշած է Սարեան։
Հիւանդանոցի տնօրէնը պիտի ըլլայ Թիմ Ֆօրտ, որ նոյնպէս 30 տարուայ իր փորձառութեամբ պիտի սատարէ հիւանդանոցի բարգաւաճման ու զարգացման:
Նշենք, որ 16 տարեկանին իր ընտանիքին հետ Լիբանանէն գաղթած Մայք Սարեան Միացեալ Նահանգներու չափանիշով առողջապահական ոլորտի ամէնէն յաջողակ գործարարներէն մին է: Ան մեծ ներդրում ունի Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքին մէջ, նաեւ մեծ նպաստ բերած է Հայաստանի ու Արցախի մէջ առողջապահութեան հետ կապուած ծրագիրներուն։ Սարեան Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի հայութեան մատուցած իր ծառայութիւններուն շնորհիւ, 2015-ին արժանացած է պատուաբեր «Էլիս Այլընտ» շքանշանին:
Թարգմանութիւնը՝ Թ.Գ.ի