image

Ամերիկացի պաշտօնատարը դարձեալ ծանր փոխզիջումներու մասին խօսեցաւ

Ամերիկացի պաշտօնատարը դարձեալ ծանր փոխզիջումներու մասին խօսեցաւ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւնը հնարաւոր է, բայց այդ երկու կողմէն կը պահանջէ բարդ ընտրութիւններ եւ բարդ փոխզիջումներ կատարել։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչը։

«Պաքուն եւ Երեւանը երկար ճանապարհ անցած են եւ անհաւանական առաջընթաց գրանցած են խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ։

Խաղաղութեան համաձայնագիրը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան համար։

Մենք կը կարծենք, որ գործարքը հնարաւոր է, բայց այդ երկու կողմերէն կը պահանջէ բարդ ընտրութիւններ եւ բարդ փոխզիջումներ կատարել:

Այսպիսով, մենք կը պատրաստուինք շարունակել խրախուսել անոնց՝ լուծելու այս տարաձայնութիւնները եւ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար»,-ըսած է ան։