Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտան յայտարարած է, որ «ամէն ջանք պիտի գործադրեն Հայաստանը եւրոպական ընտանիքին մօտեցնելու» համար։ Այդ մասին ան յայտարարած է նոյեմբեր 26-ին՝ Երեւանի մէջ ՀՀ նախագահի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ։
«Մենք ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ Հայաստանը մօտեցնենք եւ ներգրաւենք եւրոպական ընտանիքին մէջ։ Եթէ Հայաստանը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, որեւէ խնդրանքի պարագային պատրաստ ենք աջակցելու»,-ըսած է Տուտան։
2025-ի յունուար 1-ին Լեհաստանը պիտի ստանձնէ նախագահութիւնը Եւրոմիութեան Խորհուրդին մէջ։ Անճէյ Տուտայի խօսքով՝ Լեհաստանի նախագահութեան շրջանին պիտի քննարկուի Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման հարցը։
«Մեր խնդիրը պիտի ըլլայ, որ մեզի ուղղուած բոլոր գործողութիւնները կատարենք։ Երբ կը խօսինք վիզաներու ազատականացման մասին, այդ նոյնպէս անմիջականօրէն կապուած է այն որոշումներու հետ, որոնք կը կայացուին Եւրոպական Միութեան մարմիններու կողմէ։ Այդտեղ նոյնպէս Լեհաստանը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ որոշում կայացնելու։ Բայց կը խնդրեմ յիշել, որ Եւրոպական Միութիւնը ընդհանուր միութիւն է եւ վերջնական որոշում կայացնելու համար անհրաժեշտ է ստանալ Եւրոպական Միութեան անդամներու մեծամասնութեան հաւանութիւնը»,-յայտարարած է Լեհաստանի նախագահը։
Տուտան նաեւ նշած է, որ Լեհաստանը պատրաստ է Հայաստանին աջակցելու խաղաղութեան հարցով. «Կ՚ուզենք, որ հայերը խաղաղ ապրին իրենց հողին վրայ՝ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ունենալով իրենց ինքնիշխան պետութիւնը՝ կայուն եւ յստակ սահմաններու մէջ։ Այդ խաղաղութիւնը շատ կարեւոր է նաեւ եւրոպական տարածաշրջանի համար։ Եթէ մեր օգնութեան կարիքը ըլլայ, մենք կազմ ու պատրաստ այն ցուցաբերելու»։