9-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին սկսած են խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան քննարկումները։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Արուսեակ Մանաւազեան պաշտօնապէս ներկայացուցած է Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը։
Խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը սեփական թեկնածուներ չեն առաջադրած, եւ Ռուբէն Ռուբինեան միակ թեկնածուն է։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը այս որոշումը կայացուցած էր տակաւին Յունիս 25-ի նիստին՝ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ։
Իր խօսքին մէջ Ռուբինեան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքացիներուն՝ Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն ցուցաբերած քաղաքացիական կեցուածքին համար, եւ ընդգծած, որ հասած է երկիրը խաղաղութեան պայմաններուն մէջ զարգացնելու ժամանակը։
Ան իր ելոյթին մէջ շեշտ դրած է խորհրդարանական նոր քաղաքական մշակոյթի մը կազմաւորման վրայ՝ ընդդիմութեան կոչ ուղղելով կոտրելու այն կարծրատիպը, թէ ամէն յաջորդ գումարման Ազգային ժողովը նախորդէն աւելի վատ կ՚ըլլայ։
Ռուբինեան առաջարկած է ներկայ պահը դիտարկել որպէս «զրոյական կէտ» եւ քաղաքակիրթ երկխօսութիւն մը ձեւաւորել՝ նշելով, որ եթէ ընդդիմութիւնը ընդունի այս առաջարկը, ապա «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը համապատասխան կառուցողական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերէ։
Միեւնոյն ժամանակ, թեկնածուն զգուշացուցած է, որ եթէ ընդդիմութիւնը մերժէ այս մօտեցումը եւ շարունակէ նախկին ոճով՝ վիրաւորանքներով ու անպտուղ վէճերով, ապա մեծամասնութիւնը «աւելի քան պատրաստ է անոր՝ բառին ամէնէն խիստ իմաստով»։
Խօսելով պատգամաւորներուն միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մասին՝ ան ընդգծած է. «Մենք կ՚ընտրենք պարզ մարդկային քաղաքավարութիւնն ու պարկեշտութիւնը՝ այս դահլիճին մէջ իրարու հետ յարաբերելու ընթացքին»։ Ռուբինեան նաեւ յստակեցուցած է իր դիրքորոշումը ապագայ գործունէութեան վերաբերեալ՝ յայտարարելով, որ ամբիոնէն ելոյթ ունենալու ժամանակ քաղաքական չէզոքութիւն պիտի չպահէ, սակայն նիստերը վարելու ատեն պիտի ըլլայ ամբողջովին չէզոք։
Ելոյթի աւարտին ան շեշտած է, որ հասարակութեան մէջ յստակ համաձայնութիւն կայ, ըստ որուն Ազգային ժողովը պէտք չէ զազրախօսութեան վայր ըլլայ, եւ իրենք կը լսեն ու կը տեսնեն ժողովուրդին այդ պահանջը։