image

Ամէն ելոյթի պատասխան չենք տար. Զախարովա

Ամէն ելոյթի պատասխան չենք տար. Զախարովա

Ռուսիա նպատակայարմար չի գտներ արձագանգել տարբեր անձերու եւ քաղաքական ուժերու «պղաւոցներուն»։ Այս մասին ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ պատասխանելով ԵԽԽՎ-ի մէջ քուէարկութիւնը մեկնաբանելու խնդրանքին, որու ընթացքին ատրպէյճանական պատուիրակութեան երկու անդամներ՝ Էրքին Կատիրլին եւ Քոնուլ Նուրուլլաեւան կողմ քուէարկած են Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ քայլերը դատապարտող եւ Ուքրանիոյ հարցով դատարան ստեղծելու ԵԽԽՎ բանաձեւին։

«Կը պատկերացնէ՞ք, թէ քանի անձ կամ քաղաքական ուժ կը վարժուի քաղաքական հռետորաբանութեան մէջ։ Իւրաքանչիւրին պէտք է պատասխանե՞նք։ Ի՞նչ է, մենք պէտք է պատասխանե՞նք իւրաքանչիւր պղաւոցի կամ հառաչոցի»,-նշած է ան։

Անոր խօսքով՝ եթէ պատասխանեն ամէն ելոյթի, ապա  ուժ չի մնար։