image

Ալիեւ դրուատիքով խօսած է ԱՄՆ-ի դերին մասին

Ալիեւ դրուատիքով խօսած է ԱՄՆ-ի դերին մասին

Հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները՝ Ուաշինկթըն կրնայ իր ներդրումն ունենալ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Համաձայն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան, այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընի հետ բանակցութիւններու ժամանակ յայտարարած է Ալիեւը։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Ալիեւ ընդգծած է, որ «հակամարտութեան աւարտէն եւ Ատրպէյճանի կողմէ իր ինքնիշխանութեան ամբողջական վերականգնումէն ետք խաղաղութեան հաստատման պատմական հնարաւորութիւններ ստեղծուած են, եւ Միացեալ Նահանգները, հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները, նոյնպէս կրնայ իր ներդրումն ունենալ այդ գործընթացին մէջ»։

Օ'Պրայընը, իր հերթին, ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները «կ՚աջակցի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգին» եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է հայ-ատրպէյճանական յաջորդ բանակցութիւնները կայացնելու Ուաշինկթընի մէջ։

Բացի այդ, հաղորդուած է նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։