Լիբանանեան Պեքայի Սիւննի կրօնաւորներէն Շէյխ Ալի Հիւսէյն օրերս կարճ տեսանիւթ մը հրապարկելով դրուատական խօսքեր ուղղած է հայկական Այնճարի «Արեւ» ճաշարանի տնօրէնութեան հասցէին։
Շէյխը ներկայացնելով տօնական օրերու ընդառաջ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը բարձր գնահատած է ճաշարանի տնօրէնութեան կեցուածքը, որ քաջութիւնը ունեցած է որոշում առնելու տօնական օրերու առթիւ փակ պահելու իր դռները։
«Իմ խօսքովս ոչինչ պիտի փոխուի, ոչ ալ հանրայայտ ու սիրուած ճաշարանին յաճախորդները պիտի աւելնան... Ըսածս կապ ունի Կազայի ցաւը կիսող այն հայրենակիցներուն հետ, որոնցմէ է բոլորիս կողմէ սիրուած Հաննան ՝ սեփականատէրը «Շամս» ճաշարանին, որ Գազայի ցաւն ու սուգը կիսելու նպատակով գալիք տօներուն փակ պիտի պահէ իր ճաշարանի դռները։»
Իսլամ կրօնաւորը նաեւ ըսած է, որ մինչ ուրիշներ տօները կը փնտռեն յաւելեալ գումար վաստակելու նպատակով, իսկ մեր հայազգի հայրենակիցները նախընտրած են լռութեամբ յարգել Կազայի զոհերուն յիշատակը։
Նշենք, որ Այնճարի մէջ գործող եւ հայու աշխատասէր քրտինքով մէջտեղ եկած «Ճաշարան Արեւ»ը յայտնի վայր է, ոչ միայն Այնճարի կամ Պեքայի բնակիչներուն, այլ բոլոր լիբանանցիներուն համար եւ անոր հռչակը կը հասնի Լիբանանի սահմաններէն դուրս մինչեւ արաբական ծոցի երկիրներ եւ հեռաւոր ամերիկաներ։
Ի վերջոյ գումար վաստակիլը հեշտ է, երբ յաջողութեամ հասած ես, կարեւորը սակայն հանրութեան զգացումներն ու վիշտը կիսուիլն է, որ յաջողութեան նոր գրաւական պիտի դառնայ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը