image

Փաշինեան դրուատիքով խօսած է Ռուսիոյ եւ Փութինի հետ յարաբերութեանց մասին 

Փաշինեան դրուատիքով խօսած է Ռուսիոյ եւ Փութինի հետ յարաբերութեանց մասին 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս կայացած հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ ուրախ է այն գործընկերութեան եւ երկխօսութեան համար, որոնք ձեւաւորուած են Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, եւ անուանած է երկիրները եղբայրական։

Այս մասին հաղորդած է «Ռիա Նուոսթի»ն։

Հանդիպումը կայացած է դէմառդէմ ձեւաչափով։

«Մեր օրակարգը միշտ էլ շատ յագեցած է։ Վստահ եմ՝ այսօրուայ օրակարգն էլ այդպիսին է, դա ակնյայտ է։ Շատ ուրախ եմ այն գործընկերութեան եւ երկխօսութեան համար, որոնք ձեւաւորուել են մեր միջեւ, մեր անձնական երկխօսութեան, եւ, ի հարկէ, մեր եղբայրական երկրների միջեւ շատ ակտիւ երկխօսութեան համար»,-ըսած է Փաշինեանը հանդիպման ժամանակ։