image

«Ակօս» Հարց Կու Տայ ՝ «Թռչնոց Բոյնն Ալ Թռա՞ւ» (Լուսանկարներ)

«Ակօս» Հարց Կու Տայ  ՝ «Թռչնոց Բոյնն Ալ Թռա՞ւ» (Լուսանկարներ)

 Թուրքիա- Պոլիս հրապարկուող «Ակօս» պարբերականը     այսօր հրապարակուած իր հայերէն    յաւելուածին մէջ  յօդուածով մը անդրադարձած է   Լիբանանեան  «Ժիպէյլ» շրջանի  «Թռչնոց Բոյն» որբանոցի  տարածքին մէջ   եղող   գերեզմաններու տեղափոխման խնդրին:  Յօդուածագիրը ՝  պէյրութահայ  Վիգէն  Աշգարեան      որբանոցին մասին պատմական շարադրանք մը ընելէ զատ      գրած է վերջերս      գաղութի օրակարգին մէջ   առաջնային  տեղ գրաւած «Թռչնոց Բոյն»   շիրիմներուն  փոխադրութեան  խնդրին մասին: Յօդուածագիրը բաւական զուսպ եւ կշռադատուած ձեւով թեմային մասին   յաւելեալ տեղեկութիւններ տալէ ետք արձանագրած է, որ    հարցին վերաբերեալ     ստեղծուած հարցադրումները       խնդիրը տարած են այլ հարթութեան: Ան նաեւ դրական համարած է  Մեծի Տանն Կիլիկոյ  Կաթողիկոս՝ Տ. Արամ Ա. Վեհափառին   շիրիմներու  փոխադրութեան վերաբերեալ որոշումի  սառեցումը  խնդրի  քննարկման համար յաւելեալ ժամանակ տալու մտադրութիւնէ մեկնելով: Աշգարեան բաւական դիպուկ  մօտեցում մը ցոյց տալով  իր վրդովմունքը յայտնած է    պատասխանատու մարմիններուն կողմէ  , որեւէ   աշխատանքի առընթեր տարբեր կամ դէմ  կարծիքները  վտանգ եւ դաւադրութիւն համարելու միտումները  այդ մօտեցումը համարելով  հիւանդագին:  Աւարտին  Աշգարեան   յարմար նկատած է քննարկումները շարունակել, որպէսզի, իր ըսելով՝ «Թռչնոց Բոյն»ն ալ չթռչի: