image

«Ամառնային պտոյտ» դէպի «Թռչնոց բոյն» (Լուսանկար)

 «Ամառնային պտոյտ» դէպի «Թռչնոց բոյն» (Լուսանկար)

Օրերս խթանելու համար կապը «Թռչնոց բոյն»ին եւ միութենական տիկնանց, հետեւաբար նաեւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ տեղի ունեցած է «Ամառնային պտոյտ» մը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Թռչնոց բոյն»ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2024֊ին, յաջողութեամբ իրականացաւ «Թռչնոց Բոյն»ի Տիկնանց յանձնախումբերուն կողմէ կազմակերպուած «Ամառնային Պտոյտ» ը, առաջնորդութեամբ «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութեան։ Պտոյտի մասնակիցները մօտաւորպէս 300 ներկաներ մեծ խանդավառութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ, ինչպէս նաեւ խոր երկիւղածութեամբ այցելեցին տարբեր շրջանին մէջ գտնուող կարգ մը ուխտատեղի֊եկեղեցիները, որմէ ետք նաեւ ունեցան իրենց ճաշը։ Անոնք միասնաբար անցուցին հաճելի եւ անմոռանալի պահեր` ճոխացած հաճելի մթնոլորտով եւ պատրասուած զանազան անակնկալներով ու հիւրասիրութիւններով։ Վերջապէս, մինչեւ երեկոյ երկարող պտոյտը մեծ գոհունակութիւն պատճառեց բոլորին, որոնք թարմացած եւ երջանկացած վերադարձան իրենց տուները։ 

Խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Թռչնոց Բոյն»ի բոլոր բարերարներուն, հարազատներուն եւ սոյն պտոյտի կազմակերպիչներուն, որոնք մշտապէս սատար կը հանդիսանան հաստատութեան եւ անոր տարած բոլոր աշխատանքներուն։ Աստուած վարձայատոյց ընէ եւ աւելիով օրհնէ զանոնք։