Այսօր՝ դեկտեմբեր 26-ին, ողբերգական ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 11:00-ի մօտերը Երեւան-Աշտարակ ճանապարհի Աջափնեակ վարչական շրջանի տարածքին մէջ բախած են «KamAZ» եւ «ՎԱԶ 2106» մակնիշի մեքենաները, հաղորդած է Shamshyan.com-ը:
Վթարի հետեւանքով 1 հոգի մահացած է, 2 հոգի տեղափոխուած են «Արմենիա» հիւանդանոց:
Վիրաւորներուն առաջինը օգնութեան հասած են վթարի վայրի հարեւանութեամբ գործող «Ավտոշեմ» ՍՊԸ-ի աշխատակիցները, քաղաքացիները եւ ըստ քաղաքացիներու՝ արագ ժամանած է Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը:
Այս պահուն պարեկներն ու համայնքային ոստիկանները կը պարզեն վարորդներու, վիրաւորներու եւ մահացածի ինքնութիւնը:
Քննիչի յանձնարարականով՝ մեքենաները տեղափոխուած են ՊԾ Երեւան քաղաքի գունդի պահպանուող յատուկ տարածք: