image

«Աֆրինի դէպքերը ցոյց տուին, որ կարելի չէ վստահիլ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան». Պաշշար Ասատ

«Աֆրինի  դէպքերը  ցոյց  տուին, որ կարելի չէ վստահիլ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան». Պաշշար  Ասատ

Սուրիոյ  Հանրապետութեան   նախագահ Պաշշար  Ասատ Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ հիւրընկալած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի առաջին օգնական Հիւսէյն Ժապըրի Անսարին ու վերջինիս ուղեկցող պատուիրակութիւնը:

 

«Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, հանդիպման ժամանակ շեշտը դրուած է Սոչիի համագումարի օրակարգի կարեւորագոյն կէտերուն ու անոնց լուծումներու ուղղութեամբ տարուելիք համատեղ աշխատանքին վրայ, միաժամանակ շեշտելով, որ միջազգային միջնորդ Տէ Միսթուրայի դերը պիտի սահմանափակուի երկխօսութեան ճկունութիւնն ապահովելով:

 

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին դէմ իրականացուած պատերազմական գործողութիւններուն:

 

Ասատ բարձր գնահատելով բարեկամ երկիրներու միջեւ մշտական համագործակցութիւնն ու համատեղ որոշումներու կայացումը շեշտած է, որ Սուրիոյ ժողովուրդն է իր երկրի ապագային վերաբերող բոլոր որոշումներու կայացման գլխաւոր դերակատարը: Ան նաեւ ըսած է, որ «Թուրքիոյ պատերազմական գործողութիւնները անգամ մը եւս կ'ապացուցեն, որ Թուրքիա կը շարունակէ թշնամաբար տրամադրուած մնալ Սուրիոյ դէմ», -ընդգծելով, որ «Աֆրինի մէջ թրքական ուժերու ներկայութիւնը եւս մէկ ապացոյց է, որ կարելի չէ վստահիլ անոր վարած քաղաքականութեան եւ այդ քաղաքականութեան հովանաւորներուն»: