image

80 անձ Լաչինի ճանապարհով Արցախէն Հայաստան եկած է

80 անձ Լաչինի ճանապարհով Արցախէն Հայաստան եկած է

16 սեպտեմբերին, Լաչինի միջանցքով Արցախէն 80 անձ եկած է Հայաստան, այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան թելեկրամեան ալիքը։

«Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի քաղաքացիներու ընդունելութեան կէտ դիմած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներ՝ հայկական եւ արտասահմանեան բուհերու (Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու) ուսանողներ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ եւ աշխատողներ, որոնք Ատրպէյճանի շրջափակման հետեւանքով կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը եւ չեն կարողացած վերադառնալ իրենց մշտական բնակութեան վայր։

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները կազմակերպած են այդ մարդոց տեղափոխումն ու ուղեկցումը Լաչինի միջանցքով, վերահսկած անոնց անցումը ատրպէյճանական կողմի սահմանային հսկողութեան կէտով, օգնած են բեռնել եւ տեղափոխել գոյքը, ինչպէս նաեւ յարմարաւէտ մարդատար կառքերով տեղաշարժելու հնարաւորութիւն տուած են»,- ըսուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Լաչինի միջանցքը փակ է աւելի քան ինը ամիսէ ի վեր։