image

3-ամեայ փոքրիկը՝ երկինքի մէջ հրեշտակ...

 3-ամեայ փոքրիկը՝ երկինքի մէջ հրեշտակ...

 «Արեւելք»  Ցաւալի բօթ մը ստացաւ Երեւանէն։

Օրերս Երեւան հասած 3-ամեայ փոքրիկն Սոնիա Աբիկեան մահացած է:

Տեղեկութիւնը ստացանք փոքրիկին հարազատներէն, որ նաեւ նշեցին, թէ Նարեկ եւ Մարիա Աբիկեաններու դուստրը Երեւան հասած էր բուժման նպատակով, եւ հակառակ բժիշկներուն կողմէ ցոյց տրուած խնամքին ան երէկ աւանդած է իր հոգին։

Քուէյթ ծնած փոքրիկին վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուին Երեւանի մէջ։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալ փոքրիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն ու մասնաւորապէս Լաթաքիոյ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանին։