Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ համայնքի Ծափաթաղ գիւղին մէջ հոկտեմբեր 27-ին ընտանիքի հօր՝ Արմէն Օվանէսովի կողմէ գործադրած դաժան բռնութեան զոհ դարձած երեքամեայ Տիգրանի քոյր Վարդանուշ Օվանէսովան, եղբայրներ Աւագ, Աւետ, Արամայիս Օվանէսովները նոյեմբեր 4-ի երեկոյեան պատկան մարմիններու օժանդակութեամբ իրենց բնակութեան մշտական վայրէն ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են խնամքի հաստատութիւն՝ «Մադրիգեան» երեխաներու պաշտպանութեան կեդրոն/ Նախկին Հայ Օգնութեան Ֆոնտի «Երեխաների աջակցութեան կեդրոն»/։ Այս մասին յայտնած է «Արմէնփրէս»-ը։
Գեղարքունիքի մարզպետի աշխատակազմի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Մամիկոն Գալոյեանը գործակալութեան յայտնած է, որ երեխաները խնամքի հաստատութիւն տեղափոխելու որոշումը կայացուած է Ճամբարակի համայնքապետարանի խնամակալութեան եւ հոգաբարձութեան յանձնաժողովի նոյեմբեր 4-ի նիստին, որ նախաձեռնուած էր Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեանի կողմէ։
Յանձնաժողովի նիստը սկիզբէն կայացած է Ճամբարակի համայնքապետարանին մէջ։ Նիստին հրաւիրուած են նաեւ Ճամբարակի համայնքապետարանի աշխատակիցներ, համայնքային ոստիկանութեան, Միասնական ընկերային ծառայութեան Ճամբարակի տարածքային կեդրոնի ներկայացուցիչներ եւ Ծափաթաղի վարչական ղեկավար Դաւիթ Գզողեանը։
Երկար քննարկումներէ ետք, հաշուի առնելով Օվանէսովներու ընտանիքին մէջ ստեղծուած բարդագոյն եւ ծայրայեղ իրավիճակը, որոշուած է նիստը շարունակել Ծափաթաղի վարչական ղեկավարի նստավայրին մէջ։