ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընն Ուքրանիոյ Անկախութեան օրուայ կապակցութեամբ իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ ԱՄՆ յանձնառու է ինքնիշխանութեան համար պայքարող ուքրանացի ժողովուրդին իր աջակցութեան:
«Որպէս այս յանձնառութեան մաս՝ հպարտ եմ յայտարարել առայսօր անվտանգութեան ոլորտի մէջ օգնութեան ամենամեծ փաթեթի փոխանցման մասին՝ մօտաւորապէս 2,98 միլիառ տոլար զէնքերու եւ սարքաւորումներու համար պիտի յատկացուի Ուքրանիոյ անվտանգութեան աջակցութեան նախաձեռնութեան միջոցով: Սա Ուքրանիոյ հնարաւորութիւն կու տայ գնելու օդային պաշտպանութեան համակարգեր, հրետանային համակարգեր եւ զինամթերք, հակաօդային համակարգեր եւ ռատարներ... այսպիսով ապահով կը զգանք որ (Ուքրանիան) կրնայ շարունակել պաշտպանուիլ երկարաժամկէտ հեռանկարով», -ըսուած է Պայտընի յայտարարութեան մէջ: