image

1000 ազգայիններու ներկայութեամբ կայացաւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի «Ժառանգութիւն» ձեռնարկը

1000 ազգայիններու ներկայութեամբ կայացաւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի «Ժառանգութիւն» ձեռնարկը

Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին, առաւել քան 1000 համակիրներ ամբողջութեամբ լեցուցած էին Լոս Անճելըսի InterContinental պանդոկին սրահը՝ միասնաբար տօնելու Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնի իրագործումները եւ նեցուկ կանգնելու անոր իրականացման։

«Ժառանգութիւն» խորագրուած ձեռնարկին հանդիսավարը հռչակաւոր կատակաբան Սոնա Մովսէսեանն էր, որ ձեռնարկին ծրագիրը հաճելի կերպով վարեց։

Բացման աղօթքը միասնաբար կատարեցին թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետներ՝ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի ներկայացուցիչ հայր Արմենակ Պետրոսեան։

Ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեթիսըն, որ նաեւ թանգարանը կառուցող PNG Builders ընկերութեան նախագահն է խօսեցաւ թանգարանի կառուցման ծրագիրին եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու գործին մէջ անոր կարեւորութեան մասին եւ դրուատեց համայնքը, որ ծրագիրին նեցուկ կը կանգնի՝ ի շահ ապագայ սերունդներուն։

Այնուհետեւ, Թանգարանի հոգաբարձութեան համագանձապահ Թալին Եագուպեան  (Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան) եւ Հոգաբարձական կազմի անդամ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան (Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն) օրուան առաջին մրցանակը յանձնեցին «Էմի» մրցանակի արժանացած՝ FOX 11 Good Day L.A. յայտագրի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեանին, որ կարեւոր աշխատանք կը տանի հայկական ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ եւ լուսարձակի տակ կը պահէ հայ համայնքին ու ամբողջ հայութեան իրագործումները։

Կարապետեան, որ թանգարանի ծրագիրին առաջին օրերուն նեցուկ կանգնած է անոր՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս պատիւին համար։

Ապա, բեմ բարձրացաւ դաշնակի փոքրիկն հանճար Ալեք Վան Խաչատուրեան՝ իր հոյակապ կատարումներով խանդավառելով ներկաները, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Սոնա Վարդանեանի հիմնած «Սոնաթա» երաժշտանոցի վարպետ սաները։

Այնուհետեւ, Թանգարանի հոգաբարձութեան համագանձապահ եւ քարտուղար Գրիգոր Մոլոյեան եւ հոգաբարձութեան անդամ Կարօ Քիւփէլեան («Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն), ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան անդամ Արմէն Յովհաննէսեան (Հայ մշակութային հիմնարկութիւն) ձեռնարկին երկրորդ մրցանակը յանձնեցին Alajajian Marcoosi Architects հիմնարկի ներկայացուցիչներ Արամ Ալաճաճեանին եւ Սագօ Մարքուսիին, իբրեւ վարձատրութիւն յատկապէս Կլենտէյլ քաղաքին մէջ վերջին 40 տարիներուն ընթացքին այդ հիմնարկին իրականացուած շինարարական ծրագիրներուն, որոնք փոխած են քաղաքին դիմագիծը։

Ալաճաճեան եւ Մարքուսի շնորհակալութիւն յայտնեցին այս պատիւին համար, թանգարանին ծրագիրը յոյժ կարեւոր համարելով հայ մշակոյթի եւ պատմութեան պահպանումին եւ զարգացման ջանքերուն մէջ։

Նշենք, որ մեծարեալները ստացան Լոնտոն հաստատուած արձանագործ Կարօ Նիկողոսեանի պատրաստած իւրայատուկ արձաններ, որոնց մէջ կան Արարատ լեռէն բերուած քարի բեկորներ։

Ապա, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան բեմ բարձրանալով՝ վերահաստատեց, թէ  քաղաքապետութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ թանգարանի ծրագիրին, իբրեւ մշակութային կարեւոր կեդրոն մը եւ փարոս մը՝ ապագայ սերունդներուն համար։

Աւարտին, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան եւ թանգարանի գործադիր մարմինի փոխատենապետ Զաւէն Գազազեան շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն, հովանաւորներուն, մասնակցողներուն եւ թանգարանի անձնակազմին, որոնց միացեալ ջանքերով կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել ձեռնարկը, իսկ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան համայնքին համար յոյժ կարեւոր նկատեց ծրագիրին ամբողջացումը։