image

Իրան կ՚ողջունէ ապաշրջափակման գործընթացը, բայց մտահոգ է ամերիկեան ներկայութեամբ

Իրան կ՚ողջունէ ապաշրջափակման գործընթացը, բայց մտահոգ է ամերիկեան ներկայութեամբ

Իրանը կ՚ողջունէ ապաշրջափակման գործընթացը, սակայն մտահոգութիւն յայտնած է ամերիկեան ներկայութեան առնչութեամբ։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին։

«Մենք նաեւ կ՚ըսենք, որ պատրաստ ենք մաս կազմելու այդ ապաշրջափակման գործընթացին, սակայն միւս կողմէ Իրանի հարեւանութեամբ ամերիկեան որեւէ ներկայութեան վերաբերեալ մեր անհանգստութիւնն ու յոռետեսութիւնը կը պահպանուին։ Յոյս ունինք, թէ ամերիկեան ներկայութիւնը տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ ճեղքուածքներու պատճառ պիտի չդառնայ»,- ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին։