Եթէ դէպքերը այս ընթացքով շարունակուին, ապա շատ հաւանական է, որ Լիբանանի խորհրդարանը ընտրական նիստ մը կայացնէ եւ երկրին նախագահ ընտրէ Զօր. Միշէլ Աունը: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրները կը նշեն, որ երկրի քաղաքական դաշտը կը սպասէ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի առաջնորդ Սաատ Հարիրիի յառաջիկայ օրերուն արտասանալիք խօսքին, ուր ան պիտի որդեգրէ Աունի նախագահական թեկնածուութիւնը: Նշենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ Սաատ Հարիրի, նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով, շփումներ ունեցած էր երկրի քաղաքական տարբեր հատուածներու ղեկավարութեան հետ, յայտնելով իր համամտութիւնը՝ Աունի թեկնածուութեան վերաբերեալ: Արաբատառ «Էլ Նաշրա» կայքը երէկ հաղորդեց, որ Հարիրի կը պատրաստուի որդեգրել Զօր. Աունի թեկնածուութիւնը եւ այս աառումով ստացած է սէուտցիներուն «կանաչ լոյս»ը: Քաղաքական տարբեր շրջանակներ Հարիրիի նախաձեռնութեան անդրադառնալով, կը նշեն, որ եղած փոխհամաձայնութեան հիմամբ մինչ Աուն հանրապետութեան նախագահ պիտի դառնայ, անդին Սաատ Հարիրի պիտի նշանակուի երկրի վարչապետ: Ներկայ պահու դրութեամբ երկրի շիիթ երկրորդ գլխաւոր ուժի ղեկավար եւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի կը շարունակէ ժխտական կեցուածք ունենալ Աունի թեկնածուութեան առնչութեամբ:
Ամէն պարագայի յառաջիկայ շաբաթ աւելի յստակ պիտի դառնայ, թէ Հարիրիի կեցուածքը ինչքանով վճռորոշ է 2014 մայիսէն ի վեր առանց նախագահի գոյատեւող Լիբանանին: