image

Զօր. Միշէլ Աուն նախագա՞հ

Զօր. Միշէլ Աուն նախագա՞հ

Եթէ դէպքերը այս ընթացքով շարունակուին, ապա շատ հաւանական է, որ Լիբանանի խորհրդարանը ընտրական նիստ մը կայացնէ եւ երկրին նախագահ ընտրէ  Զօր. Միշէլ Աունը: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրները կը նշեն, որ երկրի քաղաքական դաշտը կը սպասէ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի առաջնորդ Սաատ Հարիրիի յառաջիկայ օրերուն արտասանալիք խօսքին, ուր ան պիտի որդեգրէ Աունի նախագահական թեկնածուութիւնը: Նշենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ Սաատ Հարիրի,     նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով,  շփումներ ունեցած էր երկրի քաղաքական տարբեր հատուածներու ղեկավարութեան հետ, յայտնելով իր համամտութիւնը՝ Աունի թեկնածուութեան վերաբերեալ: Արաբատառ «Էլ Նաշրա» կայքը երէկ հաղորդեց, որ  Հարիրի կը պատրաստուի որդեգրել Զօր. Աունի թեկնածուութիւնը եւ այս աառումով ստացած է սէուտցիներուն «կանաչ լոյս»ը: Քաղաքական տարբեր շրջանակներ Հարիրիի նախաձեռնութեան անդրադառնալով,  կը նշեն, որ եղած փոխհամաձայնութեան հիմամբ մինչ Աուն հանրապետութեան նախագահ պիտի դառնայ, անդին Սաատ Հարիրի պիտի նշանակուի երկրի վարչապետ: Ներկայ պահու դրութեամբ երկրի շիիթ երկրորդ գլխաւոր ուժի ղեկավար եւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի կը շարունակէ ժխտական կեցուածք ունենալ Աունի թեկնածուութեան առնչութեամբ:

Ամէն պարագայի յառաջիկայ շաբաթ աւելի յստակ պիտի դառնայ, թէ Հարիրիի կեցուածքը ինչքանով վճռորոշ է 2014 մայիսէն ի վեր առանց նախագահի գոյատեւող Լիբանանին: