Քննչական կոմիտէի լրատւութեան բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը յայտնած է, որ ժամկէտային զինծառայողները ձերբակալուած են խումբով սպան ծեծելու կասկածանքով:
«ՀՀ ՔԿ զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան առաջին կայազօրային քննչական բաժնէն ներս քննուող քրէական գործով պարտադիր ժամկէտային զինծառայողը ձերբակալուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 360-րդ յօդուածի 1-ին մասի, եւ 358-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 3-րդ կէտերով նախատեսուած արարքներ կատարելու կասկածանքով, եւս երեք պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներ ձերբակալուած են ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 358-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 3-րդ կէտերով նախատեսուած արարք կատարելու կասկածանքով: Քրէական գործով նախաքննութիւնը կի շարունակուի»,- գրած է ան: