image

Զարեհ Սինանեան Սփիւռքի յանձնակատա՞ր

Զարեհ Սինանեան Սփիւռքի յանձնակատա՞ր

Ըստ  հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու Լոս Անճելոսի Կլեյնտէյլ  քաղաքի նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան պիտի նշանակուի ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար։

Սինանեան Ուրբաթ դիմում ներկայացուցած է Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամի պաշտօնէն հրաժարելու մասին, կը հաղորդէ Asbarez.com-ը եւ կը նշէ, որ Սինանեանը Հայաստանի մէջպիտի ստանձնէ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը, թէեւ այդ մասին պաշտօնական յայտարարութիւն դեռ չէ եղած։

Զարեհ Սինանեանը Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի հինգ անդամներէն մէկն էր։

Ծնած է 1973-ին՝ Երեւանի մէջ։ Հայրը պոլսեցի է, Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձած էր 1946-ին։ Մայրը՝ թալինցի՝ արմատներով՝ մշեցի։

1988-ին ընտանիքով տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ։ Սինանեանը իրաւաբանի կրթութիւն ստացած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնեան համալսարանի եւ Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանին մէջ։

Կլենտէյլի քաղաքապետ առաջին անգամ դարձած է 2014-ին։ Ամուսնացած է, ունի չորս երեխայ։

Սինանեանը ԱՄՆ-ի մէջ նախքան քաղաքական գործունէութեամբ զբաղուիլը աշխոյժ եղած է Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, աջակցած է Հայաստանի, Արցախի եւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրները բարձրացնելու գործին։