image

«Հալէպը այսօր ալ սփիւռքի ոգին է» Զաւէն Խանճեան

«Հալէպը այսօր  ալ  սփիւռքի  ոգին է» Զաւէն Խանճեան

Օրերս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան այցելութիւն կատարած է Հայաստան, Արցախ ապա իր ծննդավայր Հալէպ, ուր զինք ողջունած են Հալէպի սովոր ջերմ ընդունելութեամբ:

Զաւէն  Խանճեան խօսքով հալէպահայը, ուր որ ալ գաղթէ կը մնայ հալէպցի, որովհետեւ «Հալէպը որոշ չափով  կեանքի ինքնութիւն է, որովհետեւ այս քաղաքին մէջ կերտուած է անոր հայու ինքնութիւնը շնորհիւ մեր նախնիներուն, Ինչպէս նաեւ անոնց մէջ վառ պահեցին մշակոյթը, երգը, երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը՝ բոլոր այդ ամբողջականութիւնը, որ մեզ կը կապէ մեր հայրենիքին»։

Զաւէն Խանճեան գեղարուեստական   հատոր մը  հեղինակած է Հալէպի իր տարիներուն մասին,  զանոնք  համեմատելով     այս  օրերու  դրութեան հետ   եւ  ըսած,   թէ տարբերութիւններ կան բայց ոգին նոյնն է,-  «Հալէպի մէջ ժամանակի ընթացքին  թերեւս որոշ թուլութիւն, որոշ տկարութիւն ճանչնայ այդ ոգին՝ հայո՛ւ ոգին, բայց տակաւին շատ աւելի բորբոքող է, հրաբորբ է որեւէ մէկ տեղէ աւելի»:

Իսկ թէ ինչ ապագայ կը սպասուի հալէպահայ գաղութին պատերազմէն ետք, ան մասնաւորապէս ըսած է,-«Հալէպի սիրտը կը բաբախէ տակաւին, իր մայր գաղութի, գուցէ մշուշոտ, գունատած բայց տակաւին բաբախող սիրտը կը մնայ,  մանաւանդ իր կառոյցներով, յետ Եղեռնեան  շրջանին  հաստատուած իր կառոյցներով, եկեղեցիով, վարժարաններով, տակաւին հոյլ մը գրողներու, հոյլ մը մտաւորականներու, հոյլ մը արուեստագէտներու գոյութեամբ: Տակաւին կ'ապրի Հալէպը, պիտի ապրի, պէտք է ապրի, որովհետեւ կարեւոր է իր դիրքը, պէտք է տեւականօրէն օժանդակել Հալէպին եւ Հալէպ մնացողներուն»: Իսկ մեկնելու որոշում առնողներուն համար ան ըսած է թէ «մենք երկու պարագային ալ ամէն կերպ պիտի օգնենք ե՛ւ Հալէպ մնացողներուն ե՛ւ Հալէպէն հայրենիք մեկնողներուն»:

Խանճեան անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, առանց քաղաքականութեան մէջ մտնելու ըսած է. «Հայաստանի մէջ ներկայ վիճակը կը պարտադրէ, որ բոլորը իսկապէս կողք կողքի գան, ձեռք ձեռքի տան եւ միասնաբար փնտռեն ու գտնեն փրկութեան լաստ մը, որուն վրայ Հայրենիքին ապագան կրնայ հիմնուիլ եւ շարունակէ գոյատեւել»։

Խօսելով թէ ինչ դեր վերապահուած է  Սփիւռքին, Հայաստանի նկատմամբ, ան մասնաւորապէս շեշտած է. «Վերջ ի վերջոյ իմաստութեան գագաթնակէտը  ժողովուրդի մը հաւաքական կամքին մէջ է  եւ այդ  յստակ կերպով պէտք է տեսնենք եւ յարգենք. հիմա այդ է Սփիւռքին դերը եւ պարտականութիւնը՝ պէտք է դիտէ, ընկալէ կացութիւնը եւ ժողովուրդի հաւաքական կամքը յարգէ եւ շարունակէ իր նպաստը հայրենիքին»։

Խանճեան  նաեւ  հաստատած է, որ  ինչ ալ ըլլան ընտրութիւններուն արդիւնքները,  ԱՀԱԸ-ն  պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը  Հայաստանի  մէջ: Եւ անդրադառնալով իր Արցախ այցելութեան ան ըսած է թէ իր կազմակերպութիւնը կրկին պատրաստ է ներդրումներ ընելու՝ վերականգնելու նպատակով,- «Մեր ներդրումները  կալուածային  շահաբերութեան համար չեն, այլ մեր ներդրումները մեր զաւակներուն լաւ  կրթութիւն տալու համար են»։

Խանճեան իր խօսքի   աւարտին  հրաւիրած է սփիւռքահայ բոլոր կազմակերպութիւնները,  որ նոյնը ընեն Արցախի մէջ եւ նոյնը ընեն Հայաստանի մէջ՝ մայր հողին վրայ,- «Մենք, որպէս Սփիւռք պէտք է քաջալերենք, նպաստենք, ուղղենք որ Արցախցին վերադառնայ իր հողը եւ ապրի եւ բարգաւաճի այնտեղ»։

 

 

(Հատուած  Զաւէն Խանճեանի՝  «Սիվիլնէթ»  կայքի  տրուած  հարցազրոյցէն)