image

Յունաստանի թեմէն ներս նոր տագնա՞պ

Յունաստանի թեմէն ներս նոր տագնա՞պ

Նոր զարգացումներ  կը սպասուին Յունաստանի թեմէն ներս: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Աթէնքի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ անցնող օրերուն թեմական ժողովին իր հրաժարականը ներկայացուցած է Ազգային Վարչութեան ատենապետ` Արա Մանկոյեան: Մինչ հրաժարականին լուրը կը շարունակէ մնալ խորհրդապահական, կը հաղորդուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն թեմէն ներս կրնան նոր զարգացումներ գրանցուիլ: Մեր աղբիւրները նաեւ կը հաղորդեն, որ թեմին մէջ նօսր փոքրամասնութիւն մը կը պահանջէ թեմի առաջնորդին հրաժարականը: Նշենք, որ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝  Արա Մանկոյեան,  նախքան իր հրաժարական տալը, նախօրօք բերանացի կերպով այդ մասին յայտարարութիւններ ըրած է: Ու այս որոշումին առընթեր հետաքրքրական է իմանալ, թէ արդեօ՞ք վերջինիս այս անգամուան գրաւոր հրաժարականը վերջնական որոշում է, թէ՞ այն նոյնպէս պիտի ունենայ միւս խօսքերուն ճակատագիրը: