image

Հայրապետական մաղթանք նաեւ Յունաստանի մէջ

Հայրապետական  մաղթանք  նաեւ Յունաստանի մէջ

Աթէնք  տպագրուող   «Ազատ օր»էն  վերահասու կը  դառնանք, որ յառաջիկայ կիրակի օր  Յունաստանի  Հայոց  Թեմի   բոլոր եկեղեցիներուն   մէջ  պիտի  կատարուի   Հայրապետական  Մաղթանք։

Այս  առթիւ  թերթը  հրապարակած է   Թեմի Կրօնական Ժողովին կողմէ  պատրաստուած  հաղորդագրութիւն մը, որ  կը ներկայացնենք ստորեւ.

 

Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ընտ­րու­թեան եւ օծ­ման 26-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ­Կի­րա­կի 27 ­Յու­նիս 2021-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք։
Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ­Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յըն­թացս սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գի պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թանք։

Ս. ­Պա­տա­րա­գի եւ ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թան­քի
ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի հան­դի­սա­պե­տէ՝
­Գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մին

­Հայ­րա­պե­տա­կան գա­հա­կա­լու­թեան յո­բե­լե­նա­կան այս բա­րե­պա­տեհ ա­ռի­թով, կը հրա­ւի­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դը, մաս­նակ­ցե­լու եւ ա­ղօ­թա­կից ըլ­լա­լու ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ա­րեւ­շա­տու­թեան եւ եր­կա­րա­մեայ գա­հա­կա­լու­թեան ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թան­քին։

Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղով
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մին