Յորդանանի մայրաքաղաք Ամանի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը, ընդդէմ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան, եւ մասնաւորապէս եկամտահարկի նոր օրէնքին:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, ցուցարարները համոզուած են, որ կառավարութեան որդեգրած տնտեսական քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է քաղաքացիներու աղքատացման, եւ պահանջած են, որ վերջինս ետ կանգնի իր վերջին որոշումներէն:
Իր հերթին երկրի գահակալ Ապտ Ալլահ Բ. Կարծիք յայտնած է, որ քաղաքացիները պարտաւոր չեն իրենց ուսերուն վերցնել երկրի տնտեսական բարեփոխումներու բեռը, շեշտելով, որ կառավարութիւնն իր բոլոր կառոյցներով պէտք է տնօրինէ պետական պիւտճէի ծախսերը, միաժամանակ հաւասարակշռութիւն պահելով եկամուտներու եւ հարկերու միջեւ: