«Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ Կառավարութեան շէնքի շուրջ օղակ կազմած ոստիկանական ուժեր բռնութիւն կիրառելով հեռացուցին Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները:
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ մեծաթիւ քաղաքացիներ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելով հաւաքուած էին Կառավարութեան շէնքին մօտ: Անոնք կը վանկարկէին «Առանց Նիկոլ Հայաստան» եւ «Նիկոլ դաւաճան»:
Նշենք նաեւ, որ Կառավարութեան շէնքին դիմաց ելոյթ ունեցան խումբ մը քաղաքական գործիչներ, որոնք հիմնաւորեցին իրենց պահանջքը, նշելով որ Փաշինեան բոլոր առումներով կը համարուի ձախողած քաղաքական գործիչ մը եւ ան իրաւուք չունի շարունակելու իր պարտականութիւնները, որպէս վարչապետ:
Ի դէպ, տեսանիւթը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ոստիկանները կը փորձեն բռնի ուժով հեռացնել Փաշինեանի հեռացումը պահանջող բողոքարարները: