ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այսօր մամուլի ասուլիսին յայտարարած է, որ նշանակուած է նախարար, որպէսզի Սփիւռքը ճանչնալու իր փորձը, պատկերացումները բերէ ու նորովի, աւելի թարմ կերպով գործունէութիւն ծաւալէ։
«Սակայն նախկին իշխանութիւնից ստացած ժառանգութիւնը թոյլ չի տալիս միայն գալ ու ստանձնել պաշտօնը: Մենք պէտք է բացառապէս ձեռնամուխ լինենք վերափոխելու նախարարութեան աշխատանքը»,- ըսած է նախարարը:
Իսկ նախորդ ծրագիրներու համար, նախարարը ըսած է, որ որոշում պիտի կայացնէ՝ անոնք իրականացնել, թէ ոչ:
«Ես ոչ միայն եկել եմ փոփոխութիւններ բերելու, այլեւ պիտի ապահովէի նախարարութեան բնականոն ընթացքը: Մենք գտնում ենք, որ ծրագրերը, որոնք հաստատուել են պիւճէով, անցել են մրցոյթներով, կարող են ունենալ կոռուպցիոն ռիսկեր:
Մենք պարտաւոր ենք լինել բաց ու թափանցիկ, հաշուետու մեր քաղաքացիներու առաջ, իսկ իրողութիւնը մեզ մտահոգուելու, կասկածելու առիթներ տուեց: Երկու օր առաջ, երբ մեր կասկածները բաւականին հիմնաւոր էին, ես հանդիպեցի Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանի հետ, նրան ներկայացրի մեր մտահոգութիւնները»,- ըսած է Հայրապետեանը:
Ան յայտարարած է, որ որոշում կայացուցած են ժամանակաւորապէս յետաձգել Սփիւռքի նախարարութեան որոշ ծրագիրներու իրականացումը, եւ քանի մը ամիս պէտք է, որ յաւուր պատշաճի պատրաստուին այդ ծրագիրներուն:
Ինչ կը վերաբերի այդ ծրագիրներուն մասնակցող՝ արդէն երթուղիի տոմսեր գնած քաղաքացիներուն, ապա Սփիւռքի նախարարը ըսած է. «Այն ամէնը, ինչ անում ենք, նաեւ այս որոշումները միտուած են նրան, որ եթէ այսօր այդ մարդիկ կը կրեն որոշակի նեղութիւն, բայց վաղը հպարտ, բաց ճակատով կգան եւ կը մասնակցեն առաջիկայ ծրագրերին՝ վստահ լինելով, որ ամէն մի դրամ ծախսուել է արդիւնաւէտ, թափանցիկ»,- ըսած է նախարարը: