image

Վերանորոգում Քեսապի Մէջ

Վերանորոգում   Քեսապի   Մէջ

 Նարեկ Վարդապետ Լուիզեան  իր   Ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ,-«Նորոգութիւններն ու մաքրութիւնը կը շարունակուին մեր համալիրէն ներս:
ՔԵՍԱՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ........
20 տարիներ առաջ՝ 6 Օգոստոս 1995-ին վանքին ժայռին վրայ փոռագրուեցաւ հետեւեալը.
«ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ՄԵԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ 1895 - 1995 ԿՈՒՏԱՆՔ Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ 
ԱՌ ՅԱՒԷՏ ՄԵՐ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆ ՍԻՐԱՆՈՒԷՐ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՐՈՒՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՄԲ ՔԵՍԱՊ
ԻՐ ՇՐՋԱԿԱՅՔՈՎ 1939-ԻՆ ՄՆԱՑ ՄԱՍ ՀԻՒՐՆԿԱԼ
ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ 
ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ ԱՂԷՏԱԲԵՐ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
ՅԻՇԱՏԱԿ ՆՈՐԱ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ
6 Օգոստոս 1995 
Խորհին շնորհակալութիւն՜ փորագրիչ՝ Պրն. Մովսէս Աբգարեանին»: