image

Վանաձոր-Բագրատաշէն անցքը կը շարունակէ մնալ փակ

Վանաձոր-Բագրատաշէն անցքը կը շարունակէ մնալ փակ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 27 մայիսին՝ ժամը 23:00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին մէջ մեքենաներու ճանապարհները անցանելի են:

Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ճանապարհային բաժանմունքէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի մեքենաներուն համար:

Վանաձոր-Ալաւերդի-Բագրատաշէն ճանապարհին կը կատարուին շինարարական աշխատանքներ, ինչի հետեւանքով ճանապարհահատուածը բեռնատարներու եւ հանրակառքերու համար փակ է: Սահմանուած են հետեւեալ այլընտրանքային ճանապարհները.

Ստեփանավան-Տաշիր-Գոգաւան
Դիլիջան-Նոյեմբերեան-Բագրատաշէն