Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 27 մայիսին՝ ժամը 23:00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին մէջ մեքենաներու ճանապարհները անցանելի են:
Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ճանապարհային բաժանմունքէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի մեքենաներուն համար:
Վանաձոր-Ալաւերդի-Բագրատաշէն ճանապարհին կը կատարուին շինարարական աշխատանքներ, ինչի հետեւանքով ճանապարհահատուածը բեռնատարներու եւ հանրակառքերու համար փակ է: Սահմանուած են հետեւեալ այլընտրանքային ճանապարհները.
Ստեփանավան-Տաշիր-Գոգաւան
Դիլիջան-Նոյեմբերեան-Բագրատաշէն