Վաղը կարեւոր օր է հայ աւանդական երկու կուսակցութիւններուն ՝ ՌԱԿ-ին Եւ ՍԴՀԿ-ին համար: Հարցը կը վերաբերի յառաջիկայ ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեանց անոնց մասնակցութեան: Նշենք, որ «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատասխանատու մարմինները վաղը մամլոյ ասուլիսով հանդէս պիտի գան (իւրաքանչիւրը՝ առանձին): Մամլոյ ասուլիսներէն ետք պիտի յստականայ անոնց գալիք ընտրութիւններուն մասնակցութեան ու մասնակցելու պարագային՝ ձեւաչափը: Յիշեցնենք, որ շուրջ 2 շաբաթ առաջ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած «Ծառուկեան» դաշինքը առաջարկ կատարած էր վերջիններուս՝ միասնաբար ընտրութեանց մասնակցելու վերաբերեալ, բայց շաբաթ օր այդ դաշինքի համագումարին պարզ կը դառնար, որ երկու կուսակցութիւնները չեն ներգրաւուած այդ ընտրական դաշինքին մէջ: Նշենք, որ գաղափարական հիմք ունեցող Ժընեւի եւ Պոլսոյ մէջ հիմնուած այս երկու կուսակցութիւնները կարեւոր ներուժ ունին ոչ միայն Հայաստանի այլ ամբողջ սփիւռքի տարածքին: