Սփիւռքի նախարարի խորհրդական նշանակուած Վաղարշակ Յակոբեան չի կրնար զբաղեցնել Խորհրդականի պաշտօնը, քանի որ 27 տարեկան է, իսկ օրէնսդրութեամբ այդ պաշտօնին կրնար նշանակուիլ միայն 30-ը բոլորած ՀՀ քաղաքացին: ՀՀ Նախարարութիւնը, սակայն, ի սկզբանէ յայտարարած էր, որ օրէնսդրութեան որեւէ խախտում չկայ: Մասնաւորապէս, սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեանը լրագրողներու հետ հանդիպմանն ըսած էր. «Տարիքի առումով օրէնքի խախտում չկայ, օրէնսդրական խնդիր չկայ, աշխատանքային փորձը կը համապատասխանի: Ան կը համապատասխանի պաշտօնի անձնագրին նախատեսուած չափանիշներուն….»։
Այժմ նախարարութիւնը սխալ որոշումը ուղղելէ ետք կը յայտարարէ,- «Սփիւռքի նախարարութիւնը ափսոսանք կը յայտնէ տեղի ունեցած շփոթմունքի համար եւ կը հայցէ քաղաքացիներու ներողամտութիւնը»: