image

Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր Քեսապ կ'այցելէ

Տ.Տ.   Արամ  Ա. Կաթողիկոս  այսօր Քեսապ կ'այցելէ

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ  այսօր  Քեսապ  հայկական աւան պիտի  ժամանէ: Այս  մասին տեղեկութիւնը ստացանք  Քեսապի «Արեւելք»ի աղբիւրէն:  Ըստ մեր աղբիւրին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նաեւ  այցելութիւն պիտի տայ Լաթաքիոյ հայկական   համայնքին: Վեհափառը   Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ  տեղի  հայութեան  պատասխանատուներուն   եւ համայնքի անդամներուն հետ՝  մօտէն ծանօթանալու համար անոնց խնդիրներուն:  Նշենք, որ Սուրիոյ տագնապի   թէժացումէն   ի վեր առաջին անգամն է, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը նման այց մը  կը կատարէ: Մանրամասնութիւնները  կը փոխանցենք յառաջիկային: