Խանասէր- Երէկ երեկոյեան ծանր արկած մը գրանցուած է Հալէպի մերձ: Մարդատար կառք մը, որ Խանասէրի ճանապարհով Հալէպ պիտի հասնէր շրջուած է:Այս մասին լուրը կը հաղորդեն Հալէպի մասին լուրեր տարածող ֆէյսպուքեան կարգ մը էջեր:
Աղբիւրներուն համաձայն, նախնական տուեալներով, զոհուածներու թիւը կը հասած է 16-ի եւ կան նաեւ մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնց մեծ մասը կիներ եւ երեխաներ:
Կը նշուի, որ զոհերն ու վիրաւորները տեղափոխուած են Հալէպի պետական համալսարանի եւ Ալ-Ռազի հիւանդանոց։
Մինչեւ այս պահը արկածին հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր ըլլալու մասին լուրեր չեն հաղորդուիր: