image

Ծանր արկած Հալէպի մէջ. Խանասէր-Հալէպ հասնող մարդատար կառք շրջուած է. Կան 16 զոհեր

Ծանր արկած Հալէպի մէջ. Խանասէր-Հալէպ հասնող մարդատար կառք շրջուած է. Կան 16 զոհեր

Խանասէր- Երէկ  երեկոյեան ծանր արկած մը գրանցուած է Հալէպի մերձ: Մարդատար կառք մը, որ Խանասէրի ճանապարհով Հալէպ պիտի հասնէր  շրջուած է:Այս մասին լուրը կը հաղորդեն Հալէպի մասին լուրեր տարածող ֆէյսպուքեան  կարգ  մը էջեր: 

Աղբիւրներուն համաձայն, նախնական տուեալներով, զոհուածներու թիւը կը հասած է 16-ի  եւ  կան նաեւ մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնց մեծ մասը կիներ եւ երեխաներ: 

Կը նշուի, որ զոհերն ու վիրաւորները տեղափոխուած են Հալէպի պետական համալսարանի եւ Ալ-Ռազի հիւանդանոց։

 

Մինչեւ այս պահը   արկածին  հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր ըլլալու  մասին լուրեր չեն հաղորդուիր: